2011-10-22 12:42:26

<<Ճշմարտութեան Եւ Խաղաղութեան Ուխտաւորներ>> Ասսիզի 27 Հոկտեմբեր 2011


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, յառաջիկայ հինգշաբթի 27 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 7-ին, ընկերակցութեամբ աշխարհի 50 երկիրներէ Հռոմ ժամանած զանազան կրօններու պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչներուն, շոգեկառքով կը մեկնի Ասսիզի ուր նախատեսուած է միջկրօնական միօրեայ հանդիպում։ Նորին Սրբութիւնը ամբողջ օրը կ՛անցնէ Սուրբ ֆրանչեսկոսի ծննդավայրին մհջ ու երեկոյեան կը վերադառնայ Վատիկան։
Առ ի պատրաստութիւն այս կարեւոր միջկրօնական հանդիպումին չորեքշաբթի 26 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10.30ին Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետը Սուրբ
Պետրոսի հրապարակի վրայ` չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան տեղ, պիտի նախագահէ ժամասացութեան աղօթքի մը կաթողիկէ կղերին մասնկացութեամբ։
Մինչ հաւաքին յաջորդ օրը ուրբաթ 28 հոկտեմբերին առաւօտուն Սրբազան Հայրը Գլեմենթինա Սրահին մէջ պիտի ընդունի Ասիզիի հաւաքին մասնակցող պատուիրակութիւնները ու ապա անոնց հետ Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ պիտի բաժնեկցի եղբայրական ակաբ (սիրոյ սեղան) մը շնորհուած Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէի կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.